Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանը Մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտներու համար, երկլեզու  հայկական ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւն է: Ճեմարանը իր առաքելութեան մէջ գլխաւորաբար  զարկ կուտայ  կրթական եւ ուսումնական մակարդակներու զարգացման ու բարելաւման: Անշուշտ այդ աշխատանքը կ’իրականանայ շնորհիւ Ճեմարանէն ներս գործող փորձառու եւ մասնագէտ ուսուցիչներուն:

Գօլստըն Ճեմարանէ ներս իւրաքանչիւր աշակերտ կը զինուի ինքնավստահութեամբ  ու բարձր կարողականութիւններով, որոնք յետագային զինք աստիճանաբար կը բարձրացնեն յաջողութեան գագաթնակէտին:

Ճեմարանէն ներս աշակերտները կը դաստիարակուին նաեւ ընկերային ու հաւաքական կեանքի կենցաղավարական գիտելիքներով եւ հասկացողութեամբ: Անոնք կը սորվին գուրգուրալ, խնամել, պաշտպանել եւ սիրել զիրար: Փոքր թիւով դասարանները, աշակերտին համար կ’ապահովեն օգտաշատ միջավայր, ուր ան կը ստանայ անհատական եւ յաւելեալ ուշադրութիւն, իւրայատուկ գուրգուրանք ու սէր:

Քրիստոնէական արժէքներու հանդէպ զօրաւոր  հաւատքն ու համոզումը մեծ տեղ կը գրաւեն ճեմարանի աշակերտութեան մօտ: Ծրագրուած ներդպրոցական զանազան  աշխատանքներն ու զբաղումները , լաւագոյն առիթը կ’ընծայեն աշակերտին, որ ան իր նախասիրած մարզէն ներս գործէ եւ զարգացում արձանագրէ:

Հայ մշակոյթին ու պատմութեան  ծանօթանալու լաւագոյն վայրն է հայկական վարժարանը, ուր աշակերտը կը թրծուի հայեցի դաստիարակութեամբ եւ իր ժողովուրդին, պատմութեան եւ հայրենիքին հանդէպ կը լեցուի անսահման սիրով ու հպարտութեամբ:

Զանազան դպրոցական/գեղարուեստական ծրագիրներու եւ ելոյթներու ընդմէջէն անոնք կ’ամրապնդեն իրենց հայկականութիւնը եւ զօրաւոր կերպով կը կարչին իրենց արմատներուն: Սոյն ծրագիրներէն կարելի է յիշել «Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայաստան » տարեկան ծրագիրը, որ մօտէն  կը ծանօթացնէ հայ աշակերտը իր հայրենիքին ու մշակոյթին: Ճեմարանը կը վայելէ  հայ  գաղութի զօրակցութիւնը եւ փոխադարձաբար ան գաղութին համար կը պատրաստէ Աւստրալահայ օրինակելի քաղաքացիներ, որոնցմէ շատեր արդէն իսկ այսօր կը կենան յատկանշական բարձր դիրքերու վրայ ղեկավարութեան ու քաղաքականութեան մարզերուն մէջ:

Մեծ հաճոյքով կը հրաւիրեմ ձեզի միանալու այս ճեմարանին ու դառնալու գործօն անդամը անոր մեծ ընտանիքին: Կը հաւատամ, որ հայ աշակերտը պէտք է անպայման հայկական վարժարան յաճախէ, ստանալու հայեցի դաստիարակութեան կենսական բաժինը:

Էտի Տէմիրճեան
Գօլստըն Ճեմարանի Տնօրէն